2014-10-01 10:01:06

Յունաստանի նախագահը` Հայաստանի մէջ


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, երեքշաբթի, 30 սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պետական այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահներու դռնփակ հանդիպումը: Սերժ Սարգսեան եւ Քարոլոս Փափուլիաս երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ` ընդլայնուած կազմով, շարունակեցին բանակցութիւնները , որոնց աւարտին ստորագրուեցան հայ-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի հետ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարեց, որ Հայաստան վճռական է Եւրոպական Միութեան հետ բոլոր ուղղութիւններով յարաբերութիւնները զարգացնելու:Յունաստանի նախագահը իր կարգին նշեց, որ Հայաստանի նախագահին ներկայացուցած է Կիպրոսի տագնապին վերջին զարգացումները:Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս երէկ նաեւ աշխատանքային ճաշ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ: Հայաստանի վարչապետը եւ Յունաստանի նախագահը բարձր գնահատեցին երկու բարեկամ երկիրներու բազմադարեան պատմամշակութային կապերը եւ կարեւոր նկատեցին տարբեր մարզերու մէջ հայ-յունական արդիւնաւէտ համագործակցութեան ամրապնդումն ու հետագայ զարգացումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.